2015-05-09 08:57:00

Ոչ երբեք մանուկներու դէմ ոճիրներ Եկեղեցւոյ մէջ` Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկիան)  Անցեալ 22 Մարտ 2014-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հիմնեց յանձնախումբ մը` անչափահասներու պաշտպանութեան ի խնդիր։

Ուրբաթ 8 Մայիս 2015-ին հրապարակուեցաւ մանուկներու պաշտպանութեան քահանայապետական  փաստաթուղթը ներառեալ յանձնախումբի կանոնադրութիւնը  որ կը կրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ստորագրութիւնը։

''Ամէն ջանք պէտք է թափուի որպէսզի Եկեղեցւոյ մէջ մանուկներու դէմ ոճիրներ չկատարուին'' հաստատած էր ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յանձնաժողովի ստեղծման առթիւ։ Իմ գործակիցներէս կը խնդրեմ կատարեալ յանձնառում, որպէսզի նման ոճիրներ չկրկնուին։Սրբազան Քահանայապետը վերակոչած էր ''ցաւալի դէպքերը'' հրաւիրեց Եկեղեցին խղճի քննութիւն կատարելու ու ներողութիւն խնդրելու այդ դէպքերու զոհերուն եւ ընկերութեան հասած  վնասներուն համար։ ''Այս իրողութիւնները մղեցին զիս, գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, վճռակամօրէն, ամէն տեսակ նախաձեռնութիւններ առնել, վնասը հատուցանելու, արդարութիւն կատարելու ու ապագայի համար կանխարգիլելու նման ոճիրներու կրկնութիւնը''։ 

Յանձնախումբին կէտ նպատակն է ի յայտ դնել Եկեղեցւոյ  պատասխանատուութիւնը բոլոր մանուկներու եւ անչափահասներու պաշտպանութեան ի խնդիր։

Յայտնենք թէ վերոյիշեալ փաստաթուղթի  հրապարակումով, անչափահասներու պաշտպանութեան ի խնդիր  յանձնախումբը, պաշտօնապէս կը սկսի իր աշխատանքը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.